2014-03-05 13:05:23

Կնոջ համաշխարհային օրը Վատիկանի մէջ` ''հաւատքի ձայներ''։


Չորեքշաբթի, 5 մարտ 2014ին, Հռոմի Գոլումպուս պանդոկին մէջ, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը ներկայացնելու ''Կնոջ համաշխարհային օրը (8 մարտ) Վատիկանի մէջ'' ձեռնարկները։
Յայտագիրի առաջին ձեռնարկն է ''հաւատքի ձայներ'' անուամբ ձեռնարկը, ուր ի յայտ պիտի դրուին կիներու դատին պաշտապան եւ զանազան երկիրներէ եկած կամքի տէր եւ հեղինակաւոր 11 կիներու սեփական պատմութիւնները։
Վերոյիշեալ ձեռնարկը տեղի կ՛ ունենայ, շաբաթ 8 մարտին, Վատիկանի կինոյի մատենադարանին մէջ եւ ուղղակի եթերով պիտի սփռուի սկսեալ ժամը 14էն ''web''ի միջոցաւ` www.voicessoffait.org։
Վերոյիշեալ կիներէն երկուքը ներկայ գտնուեցան չորեքշաբթի օրուայ մամլոյ ասուլիսին` կրօնաւորուհի Իզադ Գիտան, պատասխանատու Իսրայէլի մէջ մարդու իրաւունքներուն եւ Ժոսլին Խուէյրի` հիմնադիրը ու երբեմնի մարտիկ, ''31 մայիս լիաբանանցի կինը'' կոչուած շարժումին։

Իսկ երկրորդ ձեռնակը կը վերաբերի ''Մարիանում'' քահանայապետական համալսարանի մօտ կազմակերպուած ուսումնաժողովի մը որուն խորագիրն է ''կինը եւ քրիստոնէութիւնը` Ս. Կոյս Մարիամի դիմագիծը կինոյի մէջ, սիրոյ համար, միմիայն սիրոյ համար''։

Նշենք որ 8 մարտը ՄԱԿի համար կնոջ իրաւունքի եւ միջազգային խաղաղութեան օր է։








All the contents on this site are copyrighted ©.